2014-05-15 14:07:48

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 15 մայիսի քարոզը` ''առանց Եկեղեցւոյ քրիստոնեայ մը գոյութիւն չունի''


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի, 15 մայիսին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ներշնչուելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումէն, բացայայտէց, թէ ''կարելի չէ հասկնալ Յիսուսը առանց պատմութեան, որովետեւ Ան՝ պատմութեան նպատակն է որուն դէմ յանդիման կ'ընթանանք'', Ան ապա աւելցուց` ''Աստուծոյ ժողովուրդէն դուրս, կարելի չէ հասկնալ քրիստոնեան. Քրիստոնեան կը պատկանի ժողովուրդի մը՝ Եկեղեցւոյ''։
Ինչպէս կարելի չէ հասկնալ քրիստոնեայ մը առանց պատմութեան, նմանապէս չենք կրնար հասկնալ Յիսուսը՝ միայնակ։ ''Յիսուս չիյնկաւ երկինքէն մարտիրոսի մը նման մեզ փրկելու համար։ Յիսուս պատմութիւն մը ունի''` հաստատեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ''Ան կամեցաւ մեր հետ գալել''։
Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ Աստուծոյ ժողովուրդը կ'ընթանայ խոստումի ընկերակցութեամբ։ Քրիստոնեան ունի անցեալ մը որ կը յիշատակէ ժողովուրդի մը պատմութիւնը­ ունի ներկան, եւ կ'ընթանայ դէպի ապագայ՝ դէպի խոստումին իրականացումը, դէպի լիութիւն։ Ասոր համար, քրիստոնեայ մը, եկեղեցւոյ մէջ, յոյսով՝ այր մարդ կամ կին է, յոյս՝ խոստումին։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին ըսաւ, խնդրենք Աստուծմէ, շնորհքը յիշելու անցեալը, յիշելու որ կը պատկանինք ժողովուրդի մը, Եկեղեցւոյ՝ մկրտութեամբ, շնորհքը յոյսին, եւ շնորհքը՝ վերանորոգելու միշտ մեր Ուխտը Տիրոջ հետ։
Հայցենք այս երեք շնորհքները որոնք անհրաժեշտ են Քրիտոնէական ինքնութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.